image

Թուրքիան Դարձած Է Սրիկայ Պետութիւն Մը The Independent-ի Անդրադարձը

Թուրքիան Դարձած Է Սրիկայ  Պետութիւն Մը The Independent-ի  Անդրադարձը

Բրիտանական The Independent-ին  մէջ   մեղադրական ծանր յօդուած  մը լոյս տեսած է Թուրքիոյ իշխանութիւններուն մասին: Յօդուածը կը  կրէ Ռոպըրթ Էլլիսի ստորագրութիւնը,  որ  ընդհանուր գիծերու մէջ  ներկայացնելով   Թուրքիոյ   այսօրուան  ընդհանուր  իրավիճակը  նշած է, թէ «Արդարութիւն եւ Զարգացում»  (AKP) կուսակցութեան իշխանութեան գալէն ետք 2002-ին, Թուրքիան դարձած է սրիկա   եւ աւազակ պետութիւն մը, եւ նախագահ Ռէճէպ Թայիպ Էրտողանը դարձած է «սրիկայ ղեկավար մը, որ կը  ​​միջամտէ օրէնքներու կիրառման, երիտասարդներու  սեռային յարաբերութիւններու, ծխելու եւ գինի խմելու, արուեստի եւ ճարտարապետութեան հարցերուն մէջ»: Ըստ  Էլլիսի,    այս անգամ գերազանցելով ինքն իրեն, Թուրքիոյ դատարանը 92 օրով բանտարկել տուած է երկու լրագրողներ, անոնց կողմէ՝ Թուրքիայէն Սուրիոյ   ահաբեկիչներուն զինամթերքի առաքման  գործողութեան շուրջ եղած բացայայտումին պատճառով, ինչը կը նկատուի յարձակում անոնց իրաւունքներու եւ մամլոյ խօսքի ազատութեան վրայ: Յօդուածագիրը նաեւ նշած է, որ  այս ընթացքին հետզհետէ կ'աճի ցուցակը  այն լրագրողներուն, որոնք կը մեղադրուին  նախագահ Էրտողանի հասցէին վիրաւորական արտայայտութիւններ ընելով, որոնց շարքին է նախկին ֆուտպոլի ախոյեան մը, թերթերէն մէկուն մէջ գրող մը, համալսարանական ուսանող մը եւ երկու ընդդիմութեան առաջնորդներ: «Մինչեւ օրս կայ մօտ 1845 մարդ, որոնց հասցէագրուած է այս մեղադրանքը: Բեռնատար ինքնաշարժի վարորդ մը բողոք ներկայացուցած է իր կնոջ դէմ, յայտնելով, որ ան անէծքի խօսքերով կը հայհոյէ  Թուրքիոյ նախագահին, ամէն անգամ երբ Էրտողանը հեռուստատեսութեամբ ելոյթ կ'ունենայ»: Գրողը  նաեւ նկատկել կու տայ, որ ըստ   Մեծ Բրիտանիոյ մէջ նախկին Թուրքիոյ դեսպանի մը, Թուրքիան Միջազգային Դաշնութեան  եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու աչքին այլեւս առաջուան հեղինակութիւնը չունի եւ կորսնցուցած է իր նախկին  դիրքը, որպէս ազնիւ միջնորդ, որ կրնար օգտակար դառնալ տարածաշրջանային ճգնաժամերու լուծման: