Թուրքիա- («Տէյլի Սապահ»-Պոլիս)- Քիւրտ արմատներով Թուրքիոյ քաղաքացի Ազիզ Սանճար Երկուշաբթի օր խօսք առնելով Royal Swedish Academy-ի գիտնականներու սէմինարին իր մտահոգութիւնները յայտնած է վերջերս Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ քաղաքական լարուածութեան հետեւանքներուն վերաբերեալ: Սանճար, ընթացիկ տարուան Նոպէլեան տարրաբանութեան մրցանակակիրն է դատապարտած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատմիր Փութինը՝ «խենդութեամբ», նշելով որ վերջինս իր արարքներով վնաս կը հասցնէ ոչ միայն երկու երկիրներուն, այլ ամբողջ աշխարհին եւ զայն կոչած է «Հիւանդ Մարդը»: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Տէյլի Սապահ»ը, աւելցնելով, որ Սանճար յայտնած է, թէ յոյս ունի, որ ռուս ժողովուրդը համախնբուելով կը կարողանայ լուծում գտնել եւ վերջ տալ Փութինի «խենդութեան»:Սանճար, որ այս տարուան Հոկտեմբերին արժանացած է ր Նոպէլեան մրցանակին DNA-ի անդրամանիշակագոյն վնասուածքները վերանորոգող բջիբներու քարտէազգծման աշխատանքին համար, «Աստուծմէ խնդրած է, որ Փութինին ուշքի բերէ»: Նշենք, որ թուրք գիտնականը վերջերս Սթոքհոլմի մէջ «Անատոլու» լրատուական գործակալութեան իր մատնանշումները կատարած է Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ բարդացող յարաբերութիւններու ընդհանուր իրավիճակին մասին, անցնող 24 Նոյեմբերին Թուրքիոյ կողմէ ռուսական օդանաւի վարբերման լոյսին տակ: