image

Թուրք Գիտնականը «Հիւանդ Մարդ» Կ'որակէ Վլատիմիր Փութինը

Թուրք Գիտնականը  «Հիւանդ  Մարդ»  Կ'որակէ Վլատիմիր Փութինը

Թուրքիա- («Տէյլի Սապահ»-Պոլիս)-  Քիւրտ արմատներով Թուրքիոյ քաղաքացի  Ազիզ Սանճար Երկուշաբթի օր խօսք առնելով Royal Swedish Academy-ի գիտնականներու սէմինարին իր մտահոգութիւնները յայտնած է վերջերս Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ քաղաքական լարուածութեան  հետեւանքներուն վերաբերեալ: Սանճար,   ընթացիկ տարուան  Նոպէլեան տարրաբանութեան  մրցանակակիրն է  դատապարտած է Ռուսիոյ  նախագահ  Վլատմիր  Փութինը՝ «խենդութեամբ», նշելով որ վերջինս իր արարքներով վնաս կը հասցնէ  ոչ միայն երկու երկիրներուն, այլ ամբողջ աշխարհին եւ զայն կոչած է «Հիւանդ Մարդը»: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Տէյլի Սապահ»ը, աւելցնելով, որ Սանճար յայտնած է, թէ յոյս ունի, որ ռուս ժողովուրդը համախնբուելով կը կարողանայ լուծում գտնել եւ վերջ տալ Փութինի «խենդութեան»:Սանճար, որ այս տարուան Հոկտեմբերին  արժանացած է ր Նոպէլեան մրցանակին DNA-ի անդրամանիշակագոյն վնասուածքները վերանորոգող բջիբներու քարտէազգծման աշխատանքին համար, «Աստուծմէ խնդրած է, որ Փութինին ուշքի բերէ»: Նշենք, որ թուրք գիտնականը վերջերս Սթոքհոլմի մէջ  «Անատոլու»  լրատուական գործակալութեան իր մատնանշումները կատարած է Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ բարդացող յարաբերութիւններու   ընդհանուր   իրավիճակին մասին, անցնող  24 Նոյեմբերին  Թուրքիոյ կողմէ ռուսական օդանաւի վարբերման լոյսին տակ: