Այսօր՝ 17 դեկտեմբերին, ՌԴ նախագահի նստավայրէն ներս կայացած է Վլատիմիր Փութինի տարեկան ամփոփիչ մամլոյ ասուլիսը։ Այս մասին կը տեղեկանանք «ՌԻԱ Նովոսթի» գործակալութենէն։
Ասուլիսին, Փութին անդրադարձած է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի խնդրին՝ ընդգծելով, որ իրավիճակը վերահսկողութենէն դուրս ելած էր: Լարուածութիւնը, իր խօսքով, տեւած էր երկար տարիներ:
Նախագահը կասկած յայտնած է առ այն, որ հակամարտութիւնը բռնկուած է արտաքին միջամտութեան պատճառով:
«Մոսկուայի դիրքորոշումը Լեռնային Ղարաբաղի հարցով հետեւեալն է՝ կարգաւորում առանց արիւնահեղութեան»,-բացատրած է Փութին:
«Երկար տարիներ Ռուսաստանը հիմնուած է այն նախադրեալին, որ Ատրպէյճանին պէտք է վերադարձուին եօթ շրջանները: Բացի այդ, սթաթուս քուոն պէտք է ամրագրուի տարածաշրջանէն ներս»,-աւելցուցած է ՌԴ ղեկավարը:
Խօսելով հակամարտութեան մէջ Թուրքիոյ դերի մասին, Փութին նշած է․ «Թուրքիոյ դիրքորոշումը հիմնուած է «Ատրպէյճանի արդար գործի» պաշտպանութեան վրայ: Անգարան կը պնդէր վերադարձնել տարածքները Պաքուին»,-աւելցուցած է ՌԴ նախագահը։
Ռուս առաջնորդը, յղում ընելով այն փաստին, որ Հայաստանը չէ ճանչած Ղարաբաղի անկախութիւնը, ըսած է, որ «միջազգային իրաւունքի տեսանկիւնէն Ղարաբաղը ատրպէյճանական տարածքներ են»։
Անդրադառնալով հակամարտութեան պատմութեան, ՌԴ նախագահը նշած է, որ հայերը առաջին արցախեան պատերազմի ժամանակ զէնք վերցուցած էին իրենց կեանքն ու արժանապատւութիւնը պաշտպանելու համար։
Միեւնոյն ժամանակ, խօսելով առկայ իրավիճակի եւ Հատրութի շրջանին մէջ տեղի ունեցած վերջին սրացումի մասին, Փութին յոյս յայտնած է, որ այդ եզակի դէպք կը մնայ եւ ըսած է, որ կողմերը պէտք է կանգ առնեն Նոյեմբեր 10-ի դրութեամբ առկայ դիրքերուն վրայ:
«Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակը պետք է մնայ անփոփոխ, այսինքն՝ հարցը պէտք է տեղափոխուի ապագայ, հաստատուի սթաթուս քուոն, բայց Լեռնային Ղարաբաղի եւ Հայաստանի միջեւ կապի հնարաւորութեան պարտադիր ստեղծմամբ, որու համար կը նախատեսուէր ստեղծել Լաչինի միջանցք, այսինքն՝ կապի միջանցք Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի միջեւ», - բացատրած է նախագահը:
Ըստ Փութինին ՝ գլխաւորը արիւնահեղութիւնը դադարեցնելն է: Մնացած հարցերը երկրորդական են:
«Մենք պայմանաւորուած ենք, որ կը դադարեցուին ռազմական գործողութիւնները ու պայմանաւորուած ենք, որ կողմերը կը կանգնին այն դիրքերուն վրայ, ուր եղած են յայտարարութեան ստորագրման պահուն: Ասոր հետ կապուած առաջացած են որոշակի հարցեր, որոնք կապուած են ենթակառուցուածքներուն հետ, ընդ որում՝ ինչպէս Հայաստանի, այնպէս ալ Ատրպէյճանի համար: Ասոնք պէտք է լուծել հանգիստ` բանակցային գործընթացքով, որովհետեւ եռակողմ յայտարարութիւնը կու տայ անոր բոլոր հնարաւորութիւնները, քանի որ այնտեղ նշուած է այն մասին, որ հրադադարի հաստատումէն յետոյ պէտք է տարածաշրջանէն ներս յարաբերութիւններու ամբողջական կայունացում տեղի ունենայ` տնտեսական ու ենթակառուցուածքային ապաշրջափակմամբ: Այդ կը վերաբերի նաեւ Նախիջեւանին, Հայաստանի հարաւին ու հիւսիսին: Այն բռնկումը` հրադադարի ռեժիմի խախտման, որ տեղի ունեցաւ, յոյս ունիմ, որ կ'ըլլայ միակը եւ հնարաւոր կ'ըլլայ, բոլոր պայմանաւորուած կողմերուն նստեցնել բանակցութիւններու շուրջ»,- ըսած է Փութինը:
Ան նշած է, որ զինադադարի հասնելէն ետք յաջորդ փուլը պէտք է ըլլայ տարածաշրջանէն ներս խաղաղութեան հաստատումը եւ տնտեսական ներուժի բացայայտումը:
Ինչ կը վերաբերի Ղարաբաղի խաղաղապահներու թիւի յաւելումին, այդ հնարաւոր է, բայց միայն բոլոր կողմերու հետ պայմանաւորուածութեան պարագային, աւելցուցած է ՌԴ նախագահը: