image

Թիֆլիսի մէջ թէժ իրավիճակը կը շարունակուի. Կայ մէկ զոհ

Թիֆլիսի մէջ թէժ իրավիճակը կը շարունակուի. Կայ մէկ զոհ

Վրաստանի մէջ տեղի ունեցած անկարգութիւններու հետեւանքով տուժածներէն մէկը մահացած է: Այս մասին կը յայտնէ РЕН ТВ հեռուստաալիքը:

Հիւանդանոցներուն մէջ կը շարունակէ մնալ 55 մարդ: Վերակենդանացման բաժանմունքին մէջ գտնուող 3 քաղաքացիներէն մէկը մահացած է։  

Վրաստանի առողջապահութեան նախարարութեան տուեալներով՝ 240 տուժածներէն 185-ը դուրս գրուած է հիւանդանոցէն:

Տարբեր իրաւախախտումներով բերման ենթարկուած է 350 ցուցարար: Դէպքերու հետ կապուած ՆԳՆ-ն գործ յարուցած է Վրաստանի ՔՕ-ի 225 յօդուածով՝ հասարակական անկարգութիւններու կազմակերպում, անցկացում ու մասնակցութիւն:

Յիշեցնենք, այն բանէն ետք երբ ռուս պատգամաւոր, Ուղղափառութեան միջխորհրդարանական վեհաժողովի նախագահ Սերկէյ Կաւրիլովը զբաղեցուց խորհրդարանի խօսնակի աթոռը եւ ռուսերէն լեզուով ելոյթ ունեցաւ, Թիֆլիսի մէջ սկսան բողոքի ցոյցեր: