Վրաստանի մէջ տեղի ունեցած անկարգութիւններու հետեւանքով տուժածներէն մէկը մահացած է: Այս մասին կը յայտնէ РЕН ТВ հեռուստաալիքը:
Հիւանդանոցներուն մէջ կը շարունակէ մնալ 55 մարդ: Վերակենդանացման բաժանմունքին մէջ գտնուող 3 քաղաքացիներէն մէկը մահացած է։
Վրաստանի առողջապահութեան նախարարութեան տուեալներով՝ 240 տուժածներէն 185-ը դուրս գրուած է հիւանդանոցէն:
Տարբեր իրաւախախտումներով բերման ենթարկուած է 350 ցուցարար: Դէպքերու հետ կապուած ՆԳՆ-ն գործ յարուցած է Վրաստանի ՔՕ-ի 225 յօդուածով՝ հասարակական անկարգութիւններու կազմակերպում, անցկացում ու մասնակցութիւն: