image

The Economist-ը Հայաստանը ճանչցած է տարուան երկիր

The Economist-ը Հայաստանը ճանչցած է տարուան երկիր

The Economist թերթը Հայաստանը հռչակած է 2018 տարուայ երկիրը: Այս առթիւ թերթի խմբագրութիւնը կը բացատրէ, որ «Տարուան Երկիր» ամենամեայ անուանումը կը տրուի ոչ թէ ամենաազդեցիկ ազգին, ոչ թէ ամենահարուստ երկրին, ոչ թէ ամենահամեղ ուտելիքներ ունեցող երկրին, այլ այն երկրին, որ բարելաւուած է վերջին 12 ամիսներու ընթացքին:

«Այս մէկը բարդ ընտրութիւն է: Տարուան ընթացքին լաւ աշխատանքը ապագայ յաջողութեան երաշխիք չէ: Անցեալ տարուայ յաղթող Ֆրանսան խրուած է անկարգութիւններու մէջ: Միանմարը, որ յաղթած էր 2015-ին, արիւնոտ ետքայլ կ՛ապրել: Հակառակ ասոր, մենք պէտք է ընտրենք», կը շեշտէ թերթը:

Հայաստանի ընտրութեան վրայ կեդրոնանալով թերթը կը գրէ,- «Նախագահ Սերժ Սարգսեանը փորձեց երկարաձգել իր ժամկէտը՝ դառնալով վարչապետ: Փողոցները բռնկեցան՝ որպէս բողոքի նշան: Նիկոլ Փաշինեանը՝ խարիզմատիկ եւ մօրուքաւոր նախկին լրագրողը եւ պատգամաւորը, օրինականօրէն եկաւ իշխանութեան՝ կաշառակերութեան եւ անկարողութեան դէմ բողոքի ալիքի վրայ: Անոր դաշինքը յետագայ ընտրութիւններուն հաւաքեց ձայներու 70 տոկոսը: Փութինեան տիրակալը վռնտուեցաւ, եւ ոչ ոք սպաննուեցաւ: Ռուսաստանին միջամտելու առիթ չտրուեցաւ»:

«Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ հարցերը չեն լուծուած եւ կրնայ դարձեալ բռնկիլ: Այնուհանդերձ, յաճախ վատ կառավարուող ազգը անհանգիստ տարածաշրջանին մէջ ունի ժողովրդավարութեան եւ նորացման հնարաւորութիւններ: Այդ պատճառով Հայաստանը մեր տարուան երկիրն է»,- կը գրեն թերթի խմբագիրները:

Հայաստանի ամենամօտիկ մրցակիցները հանդիսացան Մալիզիան, որուն զեղծարար վարչապետը պաշտօնազրկուեցաւ երկրին քուէարկողներուն կողմէ, եւ Եթ-ովպիան, որուն նոր ղեկավարը յատկանշական քաղաքական բարեկարգումներ իրականացուց։

Թերթը այս լուրը կ՛աւարտէ անգլիատառ հայերէն գրելով՝ «Շնորհաւորում եմ»։