Հայաստանը կը գտնուի աղէտալի աշխարհաքաղաքական իրավիճակի մէջ: Ժամանակին Ռուսաստանէն կ'ըսէին, բայց Նիկոլ Փաշինեանի խումբը չլսեց բառերը: Այս մասին NEWS.am-ի թղթակցի հետ զրոյցի ժամանակ ըսաւ ռուս քաղաքագէտ, Մերձաւոր Արեւելքի եւ Կովկասի երկիրներու խնդիրներու հարցերով փորձագէտ Սթանիսլաւ Թարասովը:
Ան յիշեցուցած է, որ 2018-ի Մայիսէն ետք, երբ Փաշինեանը եկաւ իշխանութեան, աստիճանաբար սկսաւ կորսնցնել իր նախկին ազդեցութիւնը, եւ այդ փաստ է: «Այո, պատերազմ էր: Բայց եղած են արդեօք որեւէ բարեփոխումներ մինչ պատերազմը: Ոչ։ Եղած է մէկ տեսակ «զտում», անորոշ արտաքին քաղաքականութիւն եւ բացարձակապէս անհասկնալի ներքին քաղաքականութիւն: Զգացողութիւն կար, որ Փաշինեանը կ'աշխատի իշխանութիւնը պահպանելու համար: Ան խորհրդարանին մէջ մեծամասնութիւն ունէր, բայց ոչինչ ըրաւ: Հիմա կարծես թէ յաղթեց ընտրութիւններուն, յայտնուեցաւ նոր ընդդիմութիւն: Կը կարծեմ՝ սրացումներ պիտի ըլլան, իրավիճակը պիտի խորանայ: Թերեւս փոխզիջումներու որոնումներ ըլլան, բայց առայժմ ես այդ չեմ տեսներ: Այդ պատճառով չեմ բացառեր, որ կրնան նաեւ փողոցային բախումներ ըլլալ:
Հիմա մենք կը հետեւինք Հայաստանի ինքնալուծարման գործողութեան, հայկական պետականութեան կործանման: Հայերը չկարողացան ստեղծել կայուն պետութիւն, կորսնցուցին անկախութեան տարիներուն ձեռք բերած բոլոր նուաճումները: Ղարաբաղի խնդիրը կարելի էր այլ կերպ լուծել: Այն կարելի էր լուծել»,- նշած է փորձագէտը:
Հայաստանի ղեկավարները, անոր խօսքերով, պարզուեցաւ, ի վիճակի չէին այդ ընելու, եւ երթալով՝ հարցը ձգեցին ապաշնորհ, անգրագէտ, անկիրթ, բացարձակ անհեռատես փոփուլիստին: «Փաշինեանի վերընտրուիլը Հայաստանի ինքնաոչնչացման գործողութեան վերջին լարն է: Սա իմ յայտնագործութիւնը չէ: Բոլորն ալ կը հասկնան, որ սա հայերու ողբերգութիւնն է: Ինչպէ՞ս պէտք էր հայերուն հասցնել այնպիսի վիճակի, որ անոնք պատրաստ ըլլան քուէարկել Փաշինեանի օգտին՝ հին ռեժիմէն ազատելու համար: Այդ սարսափելի է: Հայաստանի մէջ ընդդիմութիւնը կը քննադատէ, բայց այդ անցեալին ալ կար: Ի՞նչ օգուտ: Փոխուած է հայերու մտածողութիւնը: Փոխուած է Փաշինեանին կողմ քուէարկած հայերու մտածողութիւնը: Կայ այնպիսի հասկացութիւն, ինչպիսին «զոմպիացած հայեր»-ն է, որոնք կ'ոչնչացնեն իրենց պետութիւնը: Եթէ նախապէս բոլորը հեգնանքով կը վերաբերէին Ալիեւի յայտարարութեան, թէ Երեւանը ատրպէյճանական քաղաք է, ապա ես կը սկսիմ հաւատալ այս գաղափարի իրագործման»,- ընդգծած է Թարասովը:
Յիշեցնենք, որ 20 Յունիսին Հայաստանի մէջ տեղի ունեցան Ազգային ժողովի արտահերթ ընտրութիւններ, որոնց արդիւնքով նոր խորհրդարանին մէջ մեծամասնութիւն ստացաւ «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնը (ՀՀ վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ):