Սուրիոյ մէջ ընթացք առած է երկրի արեւելեան հատուածին մէջ զինուորական կարեւոր եւ աննախընթաց գործողութիւն մը: Այս մասին տեղեկութիւնը կը հաղորդէ «Ալ-Ժատիտ» լրատուական կայանը, յղում ընելով սուրիական աղբիւրներու:
Ըստ աղբիւրին, Սուրիոյ բանակի կարեւոր ստորաբաժանումներ, ընկերակցութեամբ իրանցի մասնագէտներու, ընթացք տուած են զինուորական լայնածաւալ գործողութեան մը, որուն հիմքով պիտի ազատագրուին Իրաք-Սուրիա սահմանային հատուածին մօտ գտնուող բոլոր շրջանները, որոնք 2017-էն ի վեր կը գտնուին «Տահէշ» ահաբեկչական խմբաւորման տիրապետութեան տակ:
Աղբիւրը նաեւ նշած է, որ այս գործողութեան գլխաւոր նպատակն է վերաբանալ եւ Սուրիոյ կառավարութեան տիրապետութեան տակ առնել Իրաք-Սուրիա սահմանային ամբողջ հատուածը, նպատակ ունենալով այդպիսով բանալ Դամասկոս-Թեհրան ցամաքային ճանապարհը:
Աղբիւրը նաեւ նշած է, որ Սուրիոյ կառավարութիւնը այս որոշման յանգած է Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի վերջերս Թեհրան կատարած այցի ընթացքին, ուր ան հանդիպած էր Իրանի իսլամական հանրապետութեան հոգեւոր գլխաւոր առաջնորդ այաթոլլա Ալի Խամենէի հետ: