image

Եւրօ- 2020-ի ծիրէն ներս Իտալիա կը շարունակէ իր սլացիկ ընթացքը

Եւրօ- 2020-ի ծիրէն ներս Իտալիա կը շարունակէ իր սլացիկ ընթացքը

Իտալիոյ հաւաքականը նուաճած է Եւրօ-2020-ի 1/8 եզրափակիչի ուղեգիր։ Ա խումբի երկրորդ շրջանի խաղին Ռոպերթօ Մանչինիի գլխաւորած խումբը Հռոմի մէջ մրցած է զուիցերիացիներու հետ եւ յաղթած 3։0 հաշուով։

Տուպլի հեղինակ դարձած է իտալական «Սասուոլոյի» կիսապաշտպան Մանուէլ Լոքաթելին, որ աչքի ինկած է 26-րդ եւ 52-րդ վայրկեաններուն։ 89-րդ վայրկեանին իտալացիներու երրորդ կոլը խփած է «Լացիոյի» յարձակող Չիրօ Իմոպիլէն։

Իտալիան երկրորդ յաղթանակը տարած է եւ 6 միաւորով խումբի առաջատարն է։ Առաջին շրջանին եւս Իտալիան 3։0 հաշուով յաղթած էր Թուրքիոյ։

Զուիցերիան 1 միաւորով երրորդն է, երկրորդ տեղը Ուելսն է՝ 4 միաւոր։ Խումբի յետնապահը Թուրքիան է, որ երկու պարտութիւն կրած է։

Խմբային փուլի վերջին շրջանին Իտալիան 20 Յունիսին պիտի մրցի Ուելսի խումբի հետ։