image

Պաքուի մէջ ընթացք առած է 14 հայ ռազմագերիներու դատավարութիւնը

Պաքուի մէջ ընթացք առած է 14 հայ ռազմագերիներու դատավարութիւնը

Պաքուի մէջ մեկնարկած է տասնչորս հայ ռազմագերիներու քրէական գործով դատավարութիւնը։

Ատրպէյճանական լրատուամիջոցները կը յայտնեն գերիներու անունները՝ Սերոբեան Գեղամ Սամուէլի, Աւագեան Հրաչ Արզումանի, Բաղասեան Արմէն Եղիազարի, Գասպարեան Գոռ Վահրամի, Սեֆիլեան Կամօ Կարէնի, Յակոբեան Վոլոտիա Վաչականի, Հասերթեան Գէորգ Նորայրի, Ենգոյեան Սիսակ Գրիշայի, Պետրոսեան Ալպերթ Կոմիի, Սեդրակեան Ռոմիկ Միսակի, Մինոսեան Արամ Գառնիկի, Մինոսեան Մկրտիչ Սիմոնի, Մաթեսեան Էտկար Վաչականի, Կարապետեան Եուրի Տիգրանի։

Գործը կը քննուի դատաւոր Աֆղան Հաճիեւի նախագահութեամբ։ Այսօրուայ նիստին կը ճշդուին դատապարտեալներու տուեալները։