image
Հրատապ լուրեր:

Սուրիոյ բանակի մէջ ծառայութեան վերաբերեալ նոր օրէնքներ կա՞ն. Պատգամաւոր Ժիրայր Ռէիսեան պարզաբանումը

Սուրիոյ բանակի  մէջ ծառայութեան վերաբերեալ նոր օրէնքներ կա՞ն. Պատգամաւոր Ժիրայր Ռէիսեան պարզաբանումը

Անցնող օրերուն «Արեւելք» թարգամանաբար հրապարակեց լուր մը, որուն  համաձայn Սուրիոյ զինուորական ծառայութեան առընթեր կարեւոր փոփոխութիւններ պիտի կատարուին։ Խօսքը դրամական հատուցումով (պատալ)  բանակի ծառայութենէն ազատուելու խնդրին մասին էր, որ որպէս տեղեկատուութիւն  բաւական մեծ հետաքրքրութիւն շարժեց մեր ընթերցողներու լայն շրջանակներուն  մօտ։

 

 Առանց մտնելու այդ լուրի մանարամասնութիւններուն մէջ կամ նշելու այն տուեալները, որոնց կիրարմամբ սուրիահայ երիտասարդներ պիտի յաջողէին        բանակի ծառայութենէն զերծ կացուցուիլ, հետեւաբար նաեւ ազատ կարգավիճակի  պետական փաստաթուղթ ստանալ, մենք դիմեցինք Սուրիոյ Ազգային Ժողովի   Հալէպի շրջանէն հայ  պատգամւոր Տիար Ժիրայր  Ռէիսեանին։

 

Պարոն երեսփոխանը, որ սիրայօժար կերպով պատասխանեց մեր հարցումին,  շեշտը դրաւ խնդրի այն երեսակին վրայ, որ նման օրէնքներու քննարկումն ու ընդունումը կամ  մերժումը կը կատարուին միայն երկրին սահմանադրական կարգով ու նաեւ   Սուրիոյ  խորհրդարանի երդիքին տակ։

 

Պարոն Ռէիսեան մասնաւորապէս ըսաւ՝ «Այս շրջանին խորհրդարանը իր ամառնային արձակուրդի շրջանին մէջ է՝ մինչեւ սեպտեմբերի կէսերը։  Նմանատիպ կամ օրէնքներու մշակումներու վերաբերեալ, թերեւս սեւագրութիւններ կան, սակայն    այդ առաջարկները ցարդ քննարկման չեն դրուած։

 

Գալով  ձեր տուած հարցին, ապա ըսեմ, որ մենք լսած ենք, որ այդ  խնդրին շուրջ որոշ քննարկումներ կան, սակայն նման կարեւոր օրէնքներու քննարկումներն ու վերջնական հաստատումը կը կատարուին խորհրդարանին մէջ։ Ուրեմն այս խնդրի  կապակցութեամբ ոչ մէկ հաստատում կրնանք ընել, մինչեւ խորհրդարանի կողմէ   օրէնքին  քննարկումն  ու  ապա  մերժումը կամ  հաստատումը»։

 

Ուրեմն  երեսփոխանի խօսքէն կարելի  է  ենթադրել, որ  Սուրիոյ   բանակին  մէջ զինուորական ծառայութեան առընթեր կան  ու տակաւին ալ կ՚ընթանան տարբեր մակարդակի քննարկումներ, սակայն օրէնքներու բովանդակութեան կամ զինուորութենէ նիւթական  յատկացման ճանապարհով ազատելու մասին խօսքերը  տակաւին  պէտք է համարել  անճիշդ մինչեւ  յառաջիկայ սեպտեմբեր ամիս, երբ  ընթացք պիտի առնէ Սուրիոյ խորհրդարանի հերթական աշխատանքային նստաշրջանը։