Ամերիկեան Veterans Today կայքին համաձայն Էրտողանի դուստրը ՝ Սումայա Էրտողան նեցուկ կը կանգի ISIS-ին: Կայքը, որ իր տեղեկութիւնները քաղած է իրանեան աղբիւրներէ կը գրէ, որ Թուրքիոյ նախագահին 34–ամեայ դուստրը, որ հիւանդապահուհի է կը տնօրինէ Սուրիոյ մէջ պատերազմած իսլամիստ ծայարյեղականներուն յատկացուած գաղտնի հիւանդանոց մը: Ըստ նոյն աղբիւրին հիւանդանոցը կը գտնուի Շանլըուրֆայի մէջ: Նշենք, որ առաջին անգամը չէ, որ Թուրքիոյ նախագահի հարազատներուն ISIS -ի հետ սերտ կապեր ունենալուն մասին տեղեկութիւններ կը յայտնուին միջազգային լրահոսին մէջ: