image

Նոյնը ընել Աֆղանիստանի հետ, ինչ կատարուեցաւ Ղարաբաղի մէջ. Էրտողան խօսած է «Թաաս» գործակալութեան

Նոյնը ընել Աֆղանիստանի հետ, ինչ կատարուեցաւ Ղարաբաղի մէջ. Էրտողան խօսած է «Թաաս» գործակալութեան

Թուրքիան կ'ակնկալէ շարունակել աջակցութիւնը Աֆղանիստանին: Այս մասին յայտարարած է Թուրքիոյ նախագահ Թայէպ Էրտողանը, հաղորդած է ԹԱՍՍ-ը:

«Անոնք, որոնք իրաւունքներու եւ արդարութեան պաշտպանութեան մեր պահանջները կը համարեն քաղաքական երեսպաշտութիւն, չեն կրցած հասկնալ, որ մենք դարձած ենք ճնշուածներու ձայնը, շունչը եւ յոյսը: Կը մաղթենք մեր ընկերներուն եւ հարեւաններուն այն, ինչ կը ցանկանք մեզի: Մենք այդպէս վարուեցանք Սուրիոյ, Լիպիոյ եւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ: Յոյսով եմ, որ վաղը նոյն արդար դիրքորոշմամբ մենք կ'աջակցինք Աֆղանիստանի եւ այլ երկիրներու մէջ գտնուող մեր եղբայրներուն», - ըսած է Էրտողանը: