image
Հրատապ լուրեր:

Քիմիական յարձակման հաւանականութիւնը. Սուտ թէ իրականութիւն

Քիմիական յարձակման հաւանականութիւնը. Սուտ թէ իրականութիւն

Իտլիպի տեղական աղբիւրներ հաւանական համարած են «Նուսրա»ի եւ վերջինիս համախոհ ահաբեկչական խմբաւորումներու կողմէ մօտակայ օրերուն քիմիական յարձակումի իրագործումը:

«Սփութնիք» լրատուական գործակալութեան փոխանցմամբ, «Նուսրա»ի կողմէ մշակուած նախագիծի նպատակն է քիմիական յարձակման համար բարենպաստ պայմաններ ստեղծել, այնուհետեւ բոլոր ահաբեկչական խմբաւորումներու մասնակցութեամբ ու «Սպիտակ սաղաւարտակիրներ»ու աջակցութեամբ իրականացնել յարձակումը:


Նախապատրաստական աշխատանքներուն անդրադառնալով, աղբիւրը նշած է, թէ շարք մը օտարերկրեայ եւ թրքական լրատուամիջոցներ, ահաբեկչական խմբաւորումներու հովանաւորութեամբ, տեղափոխուած են Իտլիպի արուարձաններ, մինչդեռ «Շամի ազատագրման ճակատ»ի զինեալներն արգիլած են Իտլիպի բնակիչներու տեղաշարժը դէպի Իտլիպի եւ Համայի արուարձաններ, պատրուակելով, թէ անոնք ռազմական կէտեր են: