Իսրայէլեան «Ետիհոթ Ահրոնոթ» թերթը գրած է, թէ անցնող օրերու ընթացքին Պաղեստինի անվտանգութեան ուժերը իսրայէլեան բանակի դէմ ուղղուած խոշոր գործողութիւն խափանած են:
Մանրամասներուն անդրադառնալով, թերթը նշած է, որ խոշոր չափի ռումբ մը տեղադրուած եղած է այն ճամբուն վրայ, ուրկէ պիտի անցնէին իսրայէլեան բանակի միաւորները, նպատակ ունենալով խանգարել «Համաս»ի եւ Իսրայէլի միջեւ կայանալիք հաշտութեան բանակցութիւնները:
Ռումբը բացայայտուած է Պաղեստինի անվտանգութեան ծառայութեան մասնագէտներու կողմէ, եւ անմիջապէս տեղեկութիւնը փոխանցուած է իսրայէլեան անվտանգութեան մարմիններուն:
Աղբիւրին փոխանցմամբ, ներկայիս դէպքի առթիւ քննութիւն կ'իրականացուի, սակայն ըստ շրջանառուող խօսակցութիւններուն, թիրախաւորման նման մեթոտ յատուկ է «Հըզպալլա»ի եւ «Ալ Ճիհատ Ալ Իսլամի»ի: