image

Յատուկ գործողութիւն Երեւանի մէջ. Կան տասնեակ ձերբակալեալներ

Յատուկ գործողութիւն Երեւանի մէջ. Կան տասնեակ ձերբակալեալներ

Shamshyan.com-ի տեղեկութիւններով, 19 ապրիլին, ոստիկանութեան Երեւան քաղաքի վարչութեան քրէական հետախուզութեան բաժնի եւ ոստիկանութեան Նոր Նորքի բաժնի քրէական հետախուզութեան բաժանմունքի ծառայողները Երեւանի մէջ իրականացուցած են «Քրէական պատմութիւններով ապագայ չես ունենար» գործողութիւն: 

Մայրաքաղաքի տարբեր վարչական շրջաններէն ոստիկանութեան Երեւան քաղաքի վարչութիւն բերման ենթարկուած են քրէական ենթամշակոյթին յարող 50-է աւել քրէական հեղինակութիւններ:

Մեծ մասն ունին մականուններ, որոնց շարքին՝ «Կացին», «Կաղին», «Պնտուկ», «Քիարթու», «Թզպեխ», «Տուշեշ», «Իքիպիր» եւ այլն:

Ոստիկանութեան Նոր Նորքի բաժին բերման ենթարկուած են նաեւ մեծ թիւով քրէական հեղինակութիւններ: