Թուրք վերլուծաբան- լրագրող Ճէնկիզ Ջէնտարի կարծիքով ` Էրտողանի իշխանութիւնն ու PKK-ն հաւասարապէս կը ցանկան, որ վերջին ընտրութիւններուն յաղթանակ ապահոված HDP-ն թուլանայ: Ջէնտար այս կարծիքը յայտնած է Hurriyet պարբերականի լրագրող Ճանսու Ջէմլիպէլի տուած իր հարցազրոյցին մէջ: Թուրք վերլուծաբանը նաեւ ըսած է, որ յառաջիկայ օրերուն կրնան կարեւոր փոփոխութիւններ գրանցուիլ Ամերիկեան - քրտական գիծին վրայ, նշելով նաեւ, որ HDP-ի ղեկավար Սալահէլտին Տէմիրթաշ կարեւոր կապեր ունի ամերիկացիներուն հետ, եւ անոր խօսքը մեծ ազդեցութիւնն ունի քրտական տարբեր շրջանակերուն մօտ: Ջէնտար կարեւոր դիտարկում մը կատարելով նաեւ ըսած է, թէ PKK-ի բանտարկուած առաջնորդ Ապտուլլա Օճալան գործիք դարձած է իշխանութիւններուն ձեռքը: Ան այս առումով ըսած է «Նկատի առէք, որ Օճալան եթէ լուռ էր վերջին 6 ամիսներուն, ան նոյնպէս կը պահէ իր լռութիւնն այսօր ընթացող ծանր դէպքերուն առընթեր: Սա ի՞նչ կը նշանակէ: Սա կը նշանակէ, որ կառավարութիւնը եւ Օճալան ոչ միայն անհամաձայնութեան մէջ են, այլ նաեւ կը նշանակէ, որ Օճալան կրնայ խօսիլ միայն իշխանութեան թելադրանքներով: Չմոռնանք, որ Օճալանին խօսքը մինչեւ հիմա ազդու է քիւրտերուն մօտ եւ անոր խօսքը «ոսկի խօսք» կը համարուի» եզրակացուցած է Ջէնտար:
Յիշեցնենք, որ թուրք- քրտական ընդհարումները սաստկացած էին յատկապէս անցնող 7 Յունիսի ընտրութիւններէն ասդին: Մինչեւ այս պահը յառաջիկայ 1 Նոյեմբերին նախատեսուած խորհրդարանական ընտրութիւններուն ճակատագիրը կը շարունակէ մնալ անորոշ եւ երկրին մէջ ապահովական ծանր դէպքերէն բացի կը գրանցուի նաեւ տնտեսական բաւական ծանր նահանջ: Յիշեցնենք, որ Ջէնտար (1948) ծնած է Անգարա. ան քաղաքականութեան եւ միջաջազգային յարաբերութեան գծով մագիստրոս է: