image
Հրատապ լուրեր:

Օճալան Թուրքիոյ Իշխանութիւններուն Գործիքն Է. Ճէնկիզ Չէնտար

Օճալան  Թուրքիոյ  Իշխանութիւններուն  Գործիքն Է. Ճէնկիզ  Չէնտար

  Թուրք  վերլուծաբան- լրագրող   Ճէնկիզ  Ջէնտարի կարծիքով `  Էրտողանի  իշխանութիւնն ու  PKK-ն հաւասարապէս կը ցանկան, որ  վերջին ընտրութիւններուն յաղթանակ  ապահոված   HDP-ն  թուլանայ:     Ջէնտար այս կարծիքը յայտնած է Hurriyet          պարբերականի          լրագրող  Ճանսու Ջէմլիպէլի տուած իր  հարցազրոյցին մէջ:  Թուրք  վերլուծաբանը  նաեւ ըսած է, որ  յառաջիկայ օրերուն կրնան  կարեւոր փոփոխութիւններ գրանցուիլ    Ամերիկեան - քրտական   գիծին վրայ, նշելով նաեւ, որ   HDP-ի   ղեկավար  Սալահէլտին Տէմիրթաշ կարեւոր  կապեր ունի  ամերիկացիներուն  հետ, եւ  անոր խօսքը  մեծ ազդեցութիւնն ունի քրտական  տարբեր շրջանակերուն  մօտ:  Ջէնտար   կարեւոր դիտարկում մը կատարելով նաեւ ըսած է, թէ     PKK-ի բանտարկուած առաջնորդ    Ապտուլլա Օճալան գործիք  դարձած է իշխանութիւններուն ձեռքը: Ան  այս առումով ըսած է «Նկատի առէք, որ Օճալան  եթէ լուռ էր վերջին  6 ամիսներուն, ան  նոյնպէս  կը պահէ իր լռութիւնն    այսօր  ընթացող  ծանր դէպքերուն  առընթեր: Սա ի՞նչ կը նշանակէ: Սա կը նշանակէ, որ կառավարութիւնը  եւ Օճալան    ոչ միայն   անհամաձայնութեան մէջ են,   այլ նաեւ կը նշանակէ, որ Օճալան կրնայ խօսիլ միայն իշխանութեան թելադրանքներով: Չմոռնանք, որ Օճալանին խօսքը մինչեւ  հիմա  ազդու է քիւրտերուն մօտ եւ անոր խօսքը «ոսկի խօսք»   կը  համարուի» եզրակացուցած է   Ջէնտար:

Յիշեցնենք, որ  թուրք- քրտական ընդհարումները  սաստկացած էին յատկապէս   անցնող  7  Յունիսի ընտրութիւններէն ասդին:   Մինչեւ այս պահը   յառաջիկայ     1   Նոյեմբերին  նախատեսուած  խորհրդարանական ընտրութիւններուն  ճակատագիրը կը շարունակէ մնալ   անորոշ  եւ երկրին մէջ ապահովական  ծանր դէպքերէն բացի կը գրանցուի նաեւ տնտեսական  բաւական    ծանր նահանջ: Յիշեցնենք, որ  Ջէնտար  (1948) ծնած է Անգարա. ան  քաղաքականութեան եւ միջաջազգային յարաբերութեան   գծով      մագիստրոս է: