image

Իշխանութիւններուն համար պարգեւավճարի հարցը տակաւին «չէ լուծուած»

Իշխանութիւններուն համար պարգեւավճարի հարցը տակաւին «չէ լուծուած»

ԱԺ «Իմ քայլը» խմբակցութեան պատգամաւորներ Նիկոլայ Պաղտասարեանը եւ Վիքթոր Ենգիբարեանը հանդէս եկած են օրէնսդրական նախաձեռնութեամբ, որով կ'առաջարկեն ԱԺ պատգամաւորներու պատգամաւորական գործունէութեան հետ կապուած ծախսերը իւրաքանչիւր պատգամաւորի համար սահմանել ամսական 250 000 դրամ՝ այժմ գործող 50 000-ի փոխարէն։

Պատգամաւորները նախագիծը կը հիմնաւորեն այն հանգամանքով, որ օրէնքի ընդունումէն՝ 2013-էն ետք չէ վերանայուած այդ դրոյթը, մինչդեռ անցած ժամանակահատուածին տեղի ունեցած է համապատասխան ծախսերու էական աւելացում: «Բացի այդ՝ 2015-ի Սահմանադրութեան փոփոխութիւններով ՀՀ-ն անցում կատարած է խորհրդարանական կառավարման համակարգի՝ Ազգային ժողովի, ինչպէս նաեւ պատգամաւորներու լիազօրութիւններու եւ գործառոյթներու շրջանակի ընդլայնմամբ»,-ընդգծած են պատգամաւորները։

Նշուած փոփոխութիւնը կ'առաջարկուի ուժի մէջ մտցնել Ազգային ժողովի յաջորդ գումարման երկրորդ նստաշրջանի բացման օրէն՝ հաշուի առնելով, որ 8-րդ գումարման ԱԺ պատգամաւորներու ընդհանուր թիւը 107 է, որ 25-ով պակաս է 7-րդ գումարման ԱԺ պատգամաւորներու ընդհանուր թիւէն (132) եւ տարեկան հաշուարկով պետութեան ծախսերը ոչ թէ կ'աւելնան, այլ կը պակսին մօտ 17,7 մլն դրամով։

Նախագիծով առաջարկուող կարգաւորմամբ 8-րդ գումարման ԱԺ 107 պատգամաւորի տարեկան վճարուող գումարը պիտի կազմէ 256,8 մլն դրամ։

Նախագիծի հեղինակները կ'ակնկալեն, որ պատգամաւորական գործունէութեան հետ կապուած ծախսերու համար յատկացուող գումարի աւելացումը կ'ապահովէ պատգամաւորներու գործունէութեան լիարժէք իրականացումը եւ ըստ այդմ՝ կը նպաստէ Ազգային ժողովի եւ անոր մարմիններու գործառոյթներու ու լիազօրութիւններու պատշաճ իրականացման:

 

Նախագիծը ԱԺ-ի մէջ քննարկուեցաւ եւ առաջին ընթերմամբ ընդունուեցաւ՝ 15 Յուլիսին, արտահերթ նիստի ընթացքին։