image
Հրատապ լուրեր:

«Միասին պիտի յաջողինք» Անդրանիկ Տագէսեան խօսեցաւ «Հայկազեան»ի նոր նախաձեռնութեան մասին (Տեսանիւթ)

«Միասին պիտի  յաջողինք» Անդրանիկ Տագէսեան  խօսեցաւ  «Հայկազեան»ի  նոր նախաձեռնութեան  մասին (Տեսանիւթ)

 Լիբանանի  մէջ գործող  «Հայկազեան»  համալսարանի   հայագիտական բաժանմունքի  դասախօսներէն ՝ Դոկտ.  Անդրանիկ  Տագէսեան օրերս  այցելութիւն   տուած է   Կիպրոս։

  Տագէսեան,  որուն  Կիպրոս  այցելութեան     մասին լուրը   ներկայացուցած է կիպրահայ    աշխոյժ ազգայիններէն  ՝Սիմոն Այնէճեան (խմբագիր Gibrahayer  E magazine   կայքին),   այս առթիւ կարճ  զրոյց մըն ալ ունեցած է  վերջինիս հետ։

 

Զրոյցին  ընթացքին   լիբանանահայ  հայագէտը    ներկայացուցած է  յառաջիկայ  մայիս   ամսուան  վերջաւորութեան    Պէյրութի  մէջ կայանալիք  «Կիպրոսի եւ Յունաստանի  հայեր»   գիտաժողովին  մասին    կարեւոր մանրամասնութիւններ։

 

Նշենք, որ արդէն քանիերորդ  տարին ըլլալով «Հայկազեան»  նման  գիտաժողովներ կը կազմակերպէ նպատակ ունենալով  ի  մի խմբել  սփիւռքի եւ  հայրենիքի     մտաւորականներ եւ գիտաշխատողներ,   անշուշտ  վերհանելու  եւ      պատմական  արժէւորումը   կատարելի   սփիւռքով մէջ   սփռուած  հայկական   գաղթօճախներուն։