Այս պահուն խուզարկութիւն կ՚ընթանայ քաղաքագէտ, «Մայր Հայաստան» շարժման եւ նոյնանուն կուսակցութեան վարչութեան անդամ Երուանդ Բոզոյեանի բնակարանէն ներս։ Այս մասին գրած է Երեւանի աւագանիի «Մայր Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար Մանուկ Սուքիասեանը։
«Քրէական վարոյթի շրջանակում կատարւում են քննչական գործողութիւններ»,- յայտնած են Քննչական կոմիտէէն՝ պատասխանելով Երուանդ Բոզոյեանի տան խուզարկութեան մասին հարցին։