image
Հրատապ լուրեր:

Թեհրանի մէջ ընթացք առած են Իրանի նախկին գերագոյն առաջնորդ Խամենէի վերջին հրաժեշտի արարողութիւնները

Թեհրանի մէջ ընթացք առած են Իրանի նախկին գերագոյն առաջնորդ Խամենէի վերջին հրաժեշտի արարողութիւնները

Իրանի դէմ ամերիկա-իսրայէլեան հարուածներու առաջին օրը՝ փետրուար 28-ին, զոհուած Իրանի գերագոյն առաջնորդ այաթոլլա Ալի Խամենէիի մարմինը տեղափոխուած է Թեհրանի Մեծ Մոսալլա կրօնական համալիր՝ վերջին հրաժեշտի արարողութիւններուն համար։ Այս մասին կը հաղորդէ France 24 պարբերականը։

86-ամեայ Ալի Խամենէիի դագաղի կողքին զետեղուած են նաեւ օդային հարուածէ զոհուած իր ընտանիքի այլ անդամներու դագաղները։

Պատերազմի մեկնարկէն ի վեր առաջին անգամ հանրութեան առջեւ երեւցած է Իսլամական յեղափոխութեան պահակագունդի նոր հրամանատարը՝ զօրագունդի զօրավար Ահմատ Վահիտին։

Իրանի նոր գերագոյն առաջնորդ, 56-ամեայ այաթոլլա Մոժթապա Խամենէին՝ Ալի Խամենէիի որդին, ամենայն հաւանականութեամբ պիտի չմասնակցի յուղարկաւորութեան՝ անվտանգութեան նկատառումներէ ելլելով։ Տարբեր հրապարակումներու համաձայն՝ ան իր հօր հետ միասին վիրաւորուած էր ամերիկա-իսրայէլեան օդային հարուածներու ընթացքին եւ գտնուած էր մահաքունի մէջ։ Սակայն, ըստ Ռուսիոյ մէջ Փաքիստանի դեսպանին, Մոժթապա Խամենէին վիրաւորուած էր, բայց այժմ ապաքինման ընթացքի մէջ է։

Ալի Խամենէիի հրաժեշտի արարողութիւնները պիտի շարունակուին մինչեւ Յուլիս 8՝ Իրանի եւ Իրաքի տարբեր քաղաքներու մէջ, ուր կը գտնուին շիաներու գլխաւոր սրբավայրերը։ Իսկ յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի Յուլիս 9-ին՝ Խամենէիի ծննդավայր Մաշհատի մէջ։

Երկրի իշխանութիւններու գնահատմամբ՝ այաթոլլա Ալի Խամենէիի յուղարկաւորութեան արարողութեան պիտի մասնակցին 15-20 միլիոն մարդ։ Այս առթիւ Թեհրան ժամանած են աշխարհի տարբեր երկիրներու ղեկավարներ եւ բարձրաստիճան պատուիրակութիւններ։ Ալի Խամենէիի հրաժեշտի արարողութեան մասնակցելու նպատակով Թեհրանի մէջ կը գտնուի նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը։