image

Հիւսիսային Քորիացիք մտահոգ են երկրի ղեկավար՝ Քիմ Չեն Ընի առողջական վիճակով (Տեսանիւթ)

Հիւսիսային Քորիացիք մտահոգ են երկրի ղեկավար՝ Քիմ Չեն Ընի առողջական վիճակով (Տեսանիւթ)

 

Հիւսիսային Քորէայի մէջ բոլորը մտահոգուած են երկրի առաջնորդ Քիմ Չեն Ընի կշիռքի ակնյայտ կորուստի պատճառով: Reuters գործակալութեան հաղորդմամբ՝ այս մասին տեղի պետական լրատուամիջոցի հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է Փհենիանի բնակիչներէն մէկը՝ առաջնորդի մասնակցութեամբ տեսանիւթը դիտելէ ետք:

Հիւսիսային Քորէայի առաջնորդի առողջական վիճակի մասին մտահոգութիւնները աւելի վաղ տարածուած էին, երբ այդ մասին խօսած էին օտարերկրեայ վերլուծաբանները: Անոնք դեռ Յունիսի սկիզբը նկատած էին, որ 37-ամեայ ղեկավարը զգալիօրէն նիհարցած է:  

«Յարգարժան Քիմ Չեն Ընին հիւծուած տեսնելը կը կոտրէ մեր ժողովուրդի սիրտը»,- պետական հեռուստաալիքին տուած հարցազրոյցի ժամանակ ըսած է տեղի բնակիչներէն մէկը, նշելով, որ «բոլորը մտահոգուած են»:

Գործակալութեան հաղորդմամբ՝ վերանշեալ տեսանիւթին մէջ Փհենիանի բնակիչները մեծ պաստառի վրայ կը հետեւին համերգի, որուն ներկայ եղած է նաեւ Քիմ Չենը: 

Երբ Քիմ Չեն Ըն մէկ ամիս դադարէ ետք Յունիսին դարձեալ յայտնուած էր հանրութեան առաջ, Հարաւային Քորէայի մէջ գործող NK News-ի վերլուծաբանները ուշադրութիւն հրաւիրած էին այն հանգամանքի վրայ, որ հիւսիսային Քորէայի առաջնորդը աւելի նիհար տեսք ունի, քան անցեալ երեւալուն: