Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Թեհրանի մէջ հանդիպում ունեցած է Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան նախագահ Մասուտ Փեզեշքիանի հետ։
Ինչպէս կը տեղեկանանք ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի տարածած հաղորդագրութենէն, Նիկոլ Փաշինեան անգամ մը եւս իր ցաւակցութիւնը յայտնած Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան գերագոյն առաջնորդ Ալի Խամենէիի մահուան կապակցութեամբ՝ ընդգծելով, որ Հայաստանը կը բաժնեկցի Իրանի ժողովուրդի վիշտը։
Նախագահ Փեզեշքիան շնորհակալութիւն յայտնած վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին Ալի Խամենէիի հրաժեշտի պաշտօնական արարողութեան մասնակցելու նպատակով Թեհրան ժամանելու համար։ Ան նշած է, որ Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը բարձր կը գնահատէ դժուարին իրավիճակի մէջ Իրանի նկատմամբ Հայաստանի Կառավարութեան որդեգրած դիրքորոշումը եւ ցուցաբերած մարդասիրական աջակցութիւնը։
Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան նախագահ Մասուտ Փեզեշքիան շնորհաւորած է Նիկոլ Փաշինեանը խորհրդարանական ընտրութիւններուն յաղթանակի առիթով եւ՝ համոզմունք յայտնած, որ երկկողմ յարաբերութիւնները պիտի շարունակեն հետեւողականօրէն զարգանալ ու ամրապնդուիլ։
Կողմերը միտքեր փոխանակած են նաեւ տարածաշրջանային նշանակութեան հարցերու շուրջ՝ կարեւորելով խաղաղութեան, կայունութեան եւ տարածաշրջանային համագործակցութեան ամրապնդմանն ուղղուած հետեւողական քայլերու իրականացումը։
Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետը յուլիս 3-ին մեկնած է Իրան՝ մասնակցելու Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան հանգուցեալ գերագոյն առաջնորդ Ալի Խամենէիի հրաժեշտի պաշտօնական արարողութեան:


