image

Մարսէյլի եւ Իսի Լէ Մուլինօ համերգասրահները պիտի կոչուին Ազնաւուրի անունով

Մարսէյլի  եւ Իսի Լէ Մուլինօ համերգասրահները   պիտի կոչուին Ազնաւուրի անունով

Մարսէյլի  եւ Իսի Լէ Մուլինօ համերգասրահները   պիտի կոչուին Ազնաւուրի անունով։  Այս  մասին    լուրը փոխանացած է  «Մէտիամաքս»ի   ֆրանսայի  լրագրող   Էլլադա Ղուկասեանը։

Ղուկասեան  նաեւ յայտնած է, որ հանրայայտ երգիչին իրենց յարգանքի տուրքը մատուցելու համար քաղաքային իշխանութիւնները միաձայն որոշած են Իսի Լէ Մուլինոյի «Palais de Congrès» համերգասրահը Շարլ Ազնաւուրի անունով վերանուանել:

Միտքը փոխքաղաքապետ Արթուր Խանջեանինն է, որ իր ֆէյսպուքեան էջին մէջ նշած է, որ բոլորովին դժուար չէ եղած քաղաքապետ Անտրէ Սանթինին համոզել, քանի որ քաղաքապետը Ազնաւուրի հետ  ընկերական   կապեր ունէր:

Մարսէյլի քաղաքապետ Ժան Քլոտ Կոտան յայտնած է, որ քաղաքի «Սիլօ» համերգասրահը այսուհետեւ Շառլ Ազնաւուրի անունը պիտի կրէ: Նման առաջարկով հանդէս եկած էր փոխքաղաքապետ Տիտիէ Փարաքեանը: