image

Գէորգ Հաճեանի եւ ՀՄԸՄ-ական նահատակներու անունով ծառատունկ՝ Բիւրականի մէջ (Լուսանկար)

Գէորգ Հաճեանի եւ ՀՄԸՄ-ական նահատակներու անունով ծառատունկ՝ Բիւրականի մէջ (Լուսանկար)

 Նախաձեռնութեամբ ՀՄԸՄ ՀԱՍԿ-ին (Հայաստանի Ազգային Սկաուտական Միութիւն) ծառատունկի արարողութիւն տեղի ունեցած է միութեան Բիւրականի բանակավայրին մէջ։

 Այս մասին տեղեկութիւնը  քաղեցինք  ՀՄԸՄ ՀԱՍԿ-ի  դիմատետրի  էջէն։

 

 

 Արցախեան վերջին գոյամարտին ընթացքին նահատակուած ՀՄԸՄ-ականներու յիշատակը պանծացնելու համար  եղած արարողութեան ներկայ եղած են նաեւ  նահատակներու  հարազատներն ու գաղափարի ընկերները։

 

May be an image of ծառ և դրսումը

 

 Նշենք, որ ՀՄԸՄ-ի նահատակներու շարքին է մեզմէ շատերուն ծանօթ անուն հանդիսացող նահատակ Գէորգ Հաճեանը։

 Այս առթիւ հերոս Հաճեանի որդին՝ Թաթուլ Հաճեան կարճ գրառում մը կատարած է, որ կը ներկայացնենք ստորեւ՝

«Ծիրանի ծառ երգելով, հայու կերպարը մարմնացնելով անմահացար Հայրս...

Ծիրանի ծառ գովերգելով դարձար այնպիսի մի ծառ, որ, նոյնիսկ հողին ընդմէջէն պիտի տաս ծիլեր, ծաղկունք և սերունդներ պիտի դաստիարակուին ու հետևին օրինակիդ Հայրս...

Ծիրանի ծառ երգելով անմահացար, իսկ այսօր քու անմահութեանդ յիշատակին տնկի մը դրուեցաւ Հայրենի Սուրբ Հողին մէջ, այնպիսի մի ծառ, որը մշտադալար է՝ քու տեսակիդ արժանի Հայրս...

Ծիրանի ծառ երգելով քու ծառաստանդ կերտեցիր Հայրս...

Ծիրանի ծառ երգելով դարձար Հայրենի Կենաց Ծառ Հայրս...

Յ.Գ.

Շնորհակալութիւն Հ.Մ.Ը.Մ.֊ին, մեր Հ.Մ.Ը.Մ.֊ական Արցախեան 12 Նահատակներու յիշատակը Անմահացնելու համար կազմակերպուած ծառատունկին։ Ծառատունկը տեղի ունեցաւ Բիւրական՝ Հ.Մ.Ը.Մ.֊ի բանակավայրի մեջ, ուրկէ Հ.Յ.Դ. կամաւորական խումբերը նախապատրաստուեցան, ապա մեկնեցան ռազմաճակատ»։