image

Լիբանանի ներքին գործոց նախարարը քաղաքական նոր ուժանակ մը պայթեցուց

Լիբանանի ներքին գործոց նախարարը քաղաքական նոր ուժանակ մը պայթեցուց

Լիբանանի ներքին գործոց նախարար Ռաիյա Հասան, որ հարցազրոյց մը տուաած է «EuroNews» կայանին, քաղաքական նոր տագնապի մը պատճառ կրնայ դառնալ:

Ռաիյա Հասան, որ խօսած է յատկապէս քաղաքացիական պսակադրութիւնը արտօնելու հիմունքներու մասին, նշած է, որ այդ առումով լայնածաւալ բանակցութիւններ պիտի ունենայ յատկապէս երկրի կրօնական ղեկավարներուն հետ:

Յիշեցնենք, որ Հասանի յայտարարութենէն անմիջապէս ետք կրօնական մէկէ աւելի իսլամ եւ քրիստոնեայ գործիչներ դատապարտեցին անոր յայտարարութիւնները, նշելով, որ կտրականապէս դէմ կը կանգնին երկրին մէջ քաղաքացիական պսակադրութիւնը օրինականացնելու դրոյթներուն:

Աւարտին նշենք, որ իսլամ եւ քրիստոնեայ քաղաքացիներ քաղաքացիական պսակ ըլլալու համար կը ճամբորդեն դէպի Կիպրոս եւ այլ երկիրներ եւ այնտեղ պսակուելէ ետք կը վերադառնան իրենց երկիրը: