Լիբանանի նորակազմ կառավարութիւնը, գլխաւորութեամբ վարչապետ Սաատ Հարիրիի, այսօր առաւօտեան ժամերէն, խորհրդարանին մէջ պիտի ներկայացնէ իր ծրագիրը:
Ըստ VDL կայանին, աւելի քան 60 երեսփոխաններ հաւատարմագրուած են հարցումներ տալու, ինչպէս նաեւ կառավարութեան ծրագրի քննարկման մասնակցելու նպատակով:
Յիշեցնենք, որ Լիբանանի կառավարութեան ծրագրի քննարկման նիստերը ուղիղ կապով պիտի հեռասփռուին լիբանանեան գրեթէ բոլոր կայաններէն: