«Պատիւ ունեմ» դաշինքը կը պատրաստուի դիմել Սահմանադրական Դատարան (ՍԴ) պահանջելով անվաւեր ճանչնալ արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններու արդիւնքները։ Այս մասին յայտնած է «Հայրենիք» կուսակցութեան մամլոյ խօսնակ՝ Սոս Յակոբեան:
Յակոբեանի խօսքով, արձանագրուած բոլոր խախտումները, որոնք կը վերաբերին ազատ, արդար ընտրութիւններ կայացնելու եւ խոչընդոտելու, պիտի ներկայացուին, անոնց կարգին՝ վարչական միջոցի կիրառումը, շրջիկ խումբերու կիրառումը, ատելութեան խօսքը եւ Հանրային հեռուստաընկերութեան եթերաժամանակի ոչ հաւասար տրամադրումը։
Յիշեցնենք, որ երեք քաղաքական ուժեր՝ «Զարթօնք» ազգային-քրիստոնէական կուսակցութիւնը, «Հայաստան» դաշինքը եւ «Պատիւ ունեմ» դաշինքը ԿԸՅ դիմումներ ներկայացուցած էին՝ արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններու արդիւնքները անվաւեր ճանչնալու մասին, որոնք, սակայն մերժուած էին։
Ըստ օրէնքին՝ Սահմանադրական դատարան կարելի է դիմել ընտրութիւններու ամփոփումէն ետք 5 օրեայ ժամկէտով եւ անոր խօսքով, իրենք մինչեւ վերջնաժամկէտը կը դիմեն ու կը յայտնեն այդ մասին հանրութեան։