Վերջին տարիներուն մէկ կողմէ Ռիատի եւ միւս կողմէ Թեհրանի միջեւ Լիբանանի համար ընթացող պայքարը կը շարունակուի: Այս մասին տեղեկութիւնը կը հաղորդէ «Ալ-Ժատիտ» լրատուական կայանը:
Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ այս ծիրին մէջ սէուտցի յատուկ պատուիրակ Նիզար Ալուլա երէկ Պէյրութ ժամանած է:
Կը հաղորդուի նաեւ, որ Նիզար Ալ-Ալուլա բարձր մակարդակի շփումներ պիտի ունենայ լիբանանցի պատասխանատուներու հետ:
Իր կարգին Ալուլա, որ կարճ յայտարարութիւն մը կատարած է Լիբանան հասնելու պահուն, նշած է, որ Սէուտական Արաբիան մեծ անձկութեամբ կը սպասէր Լիբանանի նոր կառավարութեան կազմութիւնը եւ այդ պատճառով է նաեւ, որ ինքը գործուղղուած է Պէյրութ:
Ան նշած է, որ պաշտօնական Ռիատ ամէն կերպ նեցուկ պիտի կանգնի Լիբանանի նորակազմ կառավարութեան եւ յառաջիկայ օրերուն մէկէ աւելի ծրագիրներ գործադրութեան պիտի դրուին:
Յիշեցնենք, որ սէուտցի այս պատասխանատուին այցելութիւնը տեղի կ'ունենայ այն պահուն, երբ մէկ օր առաջ Պէյրութ կը գտնուէր Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Մուհամմատ Ժաուատ Զարիֆը: