«Արեւելք»ի հարցերուն կը պատասխանէ լիբանանահայ հասարակական գործիչ՝ Ճորճ Կիւլէսէրեանը:
-Յաճախ կը լսենք, որ Լիբանանի մէջ ընկերային պայմանները ծանր դրութեան մատնած են երկիրը, եւ տեղի կ'ունենան ցոյցեր: Արդեօ՞ք այս ցոյցերը կրնա՞ն համատարած տագնապի տանիլ երկիրը:
Լիբանանի իրավիճակը, դժբախտաբար վատ է: Նոր կառավարութեան կազմութենէն ետք ընդհանրապէս նոր յոյսերով կը փորձեն ներշնչել հանրութիւնը, բայց ես անձնապէս, նկատի ունենալով անցեալի փորձը, մեծ յոյսեր չեմ կապեր, այդ յոյսերուն չեմ հաւատար: 20- 25 տարի է ամէն նոր կառավարութեան կազմութենէն ետք մեզի կ'ողողեն յոյսերով, որոնցմէ ոչինչ կ'իրագործուի: Ես այս առումով յուսահատ եմ, սակայն արդար ըլլալու համար մէկ տարի ժամանակ պիտի տամ եւ ըստ այդմ դատեմ, բայց ինչպէս ըսի՝ լաւատես չեմ շատ:
Ինչ կը վերաբերի փոքր հատուածներու մէջ երեւելի դարձած ընկերային պայմաններուն դէմ բողոքի ցոյցերուն, չեմ կարծեր, որ անոնք համատարած կը դառնան՝ նկատի ունենալով երկրի համայնքային դրութիւնը: Համայնքային բաժանումները մեծ արգելքներ են, ձեւով մը պարիսպ, որ թոյլ չի տար որպէսզի բոլոր լիբանանցիները միանան, որոշ հարց մը լուծելու, որոշ նպատակ մը իրագործելու համար: Միշտ երբ հարցի մը լուծման շուրջ ժողովուրդի միասնութեան կոչեր կ'ըլլան, համայնքային այդ օձը, թոյնը կը նետուի մէջտեղ եւ ամէն մէկը իր համայնքին ետեւէն կ'երթայ, սկսեալ մեզմէ՝ հայերէս, եւ ասանկով ոչ մէկ հարց կրնանք լուծել, դժբախտաբար:
-Շատ կը խօսուի աղբի խնդրին մասին: Ի՞նչ տուեալներ ունիք, արդեօք գարնան Լիբանանը դարձեալ ականատես պիտի ըլլայ աղբի խնդրին:
Աղբի հարցի շուրջ, այո՛, ունեցած տուեալներս դրական չեն, եւ շատ հաւանական է, որ մօտ օրէն դարձեալ աղբահանութեան մեծ խնդրի ականատես ըլլանք, որովհետեւ, ինչպէս գիտենք, հարցին հիմքային լուծում չտրուեցաւ: Լիբանանի մէջ սովորութիւն դարձած է հարցերուն առժամեայ լուծումներ գտնելը, երկարատեւ լուծումներ չունինք. Հարցերուն կը վերաբերինք պատռուած շապիկի մը նման, այսօր այստեղէն կը կարենք, վաղը միւս կողմէն կը կարճցընենք, փոխանակ շապիկը թափելու եւ նոր մը գնելու, ասանկ կարկտան ձեւով հարցերուն կը մօտենանք: Աղբի հարցի պարագային ալ, առաջարկուած լուծումները 2-3 ամսան համար էին եւ հիմա ժամանակը վերջացաւ եւ նորէն նոյն խնդրին առաջ պիտի կանգնինք: Հարցերուն վերջնական բուժում չի տրուիր, դժբախտաբար:
-Ի՞նչ կրնաք ըսել լիբանանահայութեան մասին: Որո՞նք են լիբանանահայութեան առջեւ ծառացած հիմնական խնդիրները եւ որո՞նք ՝առաջնային մարտահրաւէրները:
Գալով լիբանանահայութեան, դարձեալ լաւատես չեմ: Միայն թուային պատկերը եթէ առնենք, այս վեջին տաս տարիներուն, լիբանանահայ ընտանիքներու գաղթի քանակը շատ սոսկալի թիւ կը կազմէ: Ես կրնամ իմ ապրած շրջանիս օրինակով խօսիլ, ես Էշրէֆիյաբնակ եմ (Պէյրութի կեդրոնական շրջաններէն մին՝ քրիստոնէաբնակ.Խմբ. ՝«Արեւելք») եւ կրնամ ըսել, որ այս շրջանին մէջ՝ էշրէֆիյէ, Ժըմմայզէ, Ժըհթաուի, Մար Մըխայէլ գրեթէ հայութիւն չէ մնացած, մնացողները 100-150 ընտանիք են, որոնց 75 առ հարիւրը տարեցներ: Դատելով մեր շրջանի ակումբներէն, եկեղեցիներէն, մշակութային, ազգային, մարզական կեդրոններէն, ցաւով կ'ուզեմ յայտնել, որ մեր ունեցած չորս դպրոցներէն մնաց մէկ դպրոց, երկու դարմանատուն ունէինք՝ գոցուեցան, մարզական կեդրոններ ունէինք՝ բոլորն ալ գոցուեցան, կիրակի օրերը ականատես կ'ըլլանք, թէ ինչպէս եկեղեցիները կը կաղան, միայն տարեց անձերով կը լեցուին, եթէ ճիշդ է լեցուիլ ըսելը, յաճախ 4-5 հոգիով պարատագ կ'ընեն: Այս է լիբանանահայութեան ընդհանուր վիճակը դժբախտաբար, չեմ գիտեր ինչ պիտի ըլլայ, ցաւալի է շատ:
-Շատ կը լսենք, որ լիբանանահայ երիտասարդութեան կարեւոր մէկ խաւը մտադիր է Հայաստան հաստատուիլ: Ինչքանո՞վ ճիշդ են այդ խօսակցութիւննները:
Այո, կայ նման բան, կարելի է ըսել, որ Հայաստան հաստատուելու մասին խօսակցութիւնները մեր գաղութի վերջին քննարկուող օրակարգերէն մին է: Լիբանանահայ երիտասարդ սերունդը հայրենիք երթալու եւ հոն հաստատուելու փափաքն ունի, կարօտը ունի: Ձեւով մը լաւ է, որովհետեւ հայրենիք կ'երթան, հոն կը հաստատուին, ընտանիք կը հիմնեն, չեն ձուլուիր:
Մեր՝ արտասահմանի հայերուն դժբախտութիւնը այն է, որ ձուլման առարկայ անձեր ենք, որովհետեւ հայրենիքիդ մէջը չես, հողիդ վրայ չես, իր օդը չես շնչեր, ջուրը չես խմեր, հետեւաբար պիտի ձուլուիս. դժբախտաբար այս է իրականութիւնը:Կրնանք օրինակ առնել ֆրանսահայութեան կամ ամերիկահայութեան վիճակը, ճիշդ է, ձեւով մը կը պաշտպանեն իրենց ինքնութիւնը, բայց ձուլուողներու թիւն ալ շատ է:
Հայաստան երթալը լաւ քայլ կը նկատեմ, բայց այն պէտք է հիմնուած ըլլայ որոշ տուելաներու վրայ: Պէտք է լաւ ուսումնասիրուած քայլ ըլլայ, որովհետեւ Հայաստանն ալ իր տնտեսական, ընկերային խնդիրները ունի, անոնք ալ նկատի պէտք է առնել, որպէսզի յետոյ երթալ, հաստատուելէ ետք յուսախաբ ըլլալով ետ Լիբանան չստիպուին վերադառալ: Պէտք է լաւ սերտել եւ ետքը երթալ Հայաստան: