image

Լիբանան այսօր կը նշէ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան 14-րդ տարելիցը

Լիբանան այսօր կը նշէ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան 14-րդ տարելիցը

Լիբանան  այսօր իր բոլոր համայնքներով կը նշէ երկրի նախկին վարչապետներէն, ականաւոր քաղաքական գործիչ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան 14-րդ տարելիցը:

Յիշեցենք, որ 14 տարիներ առաջ՝ այսօր, Ռաֆիք Հարիրի զոհ կ'երթար անարգ ոճիրի մը, երբ անոր շարասիւնը դուրս կու գար խորհրդարանի տարածքէն եւ կ'անցնէր Պէյրութի ծովեզերեայ գլխաւոր մայրուղիներէն մէկէն: Այդ պահուն մեծ պայթում մը լսելի կը դառնար, որուն հետեւանքով ալ տեղւոյն վրայ կը զոհուէր Հարիրի, ինչպէս նաեւ իր շարասիւնի անդամ տասնեակ ընկերակիցներ:

Հարիրի առանցքային դեր ունեցաւ յատկապէս Լիբանանի վերաշինութեան գծով, երբ ան Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի աւարտէն անմիջապէս ետք դարձաւ կողմերը իրար բերող եւ «Թայէֆի համաձայնագրի» ընդհանուր մթնոլորտը պատրաստող ակնառու դէմք, որմէ ետք ալ, քաղաքական ուժերու համաձայնութեամբ, նշանակուեցաւ երկրի վարչապետ: Իր իշխանութեան օրերուն Լիբանան ապրեցաւ աննախընթաց վերելք մը եւ յատկապէս Պէյրութի կեդրոնական հատուածը ամբողջութեամբ վերանորոգուեցաւ եւ Պէյրութը դարձաւ արաբական աշխարհին մէջ կարեւոր նիւթական եւ  տնտեսական նոր մայրաքաղաք:

Հարիրիի սպանութեան դէպքը ցայսօր ալ կը շարունակէ մնալ արեղծուածային եւ լիբանանեան մարմիններու փափաքով, անոր սպանութեան գործը քննելու համար առաջացած է յատուկ միջազգային դատական ատեան, որ ցայսօր ալ կը շարունակէ իր աշխատանքները:

Հարիրի, որ կը համարուէր սիւննի համայնքի առաջատար գործիչ, խտրութիւն չէր դներ լիբանանեան բոլոր  համայնքներու զաւակներուն միջեւ եւ ան մեծ կարեւորութիւն կու տար նոր սերունդին, ինչպէս նաեւ իր կարելի բոլոր միջոցները կը ծառայեցնէր նոր սերունդի ուսման խնդրին: