Թուրքիա- («Ենի Շաֆաք»- Պոլիս) Թրքական «Եէնի Շաֆաք» թերթը կը գրէ, թէ Չէչէն իսլամիստներ կը սպասեն Թուրքիոյ նախագահի հրամանին: Թերթը նաեւ կը յայտնէ, որ պատասխանելով Չէչնիոյ ռուսամէտ նախագահ Քատիրովի Instagram ցանցին վրայ կատարած յայտարարութեանց. իսլամիստները գրաւոր հաղորդագրութեամբ մը յայտնած են, որ իրենք կը սպասեն Թուրքիոյ նախագահի հրամանին` համապատասխան գործողութեանց անցնելու համար: Յիշեցնենք, որ Քատիրով ծանր մեղադրանքներ ուղղած էր Թուրքիոյ կառավարութեան, նկատել տալով, որ ռուսական օդանաւին դէմ կատարուածին համար Թուրքիան շատ թանկ գին պիտի վճարէ: