Թուրքիոյ մէջ 2002 թուականէն իշխող «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութիւնը ամբողջ երկրին մէջ պիտի ստանար մօտ 25 տոկոս ձայն, եթէ համընդհանուր ընտրութիւններ կայանային նախորդ ամիս: Այս մասին կը վկայեն Եւրասիոյ հանրային հետազօտութիւններու կեդրոնի իրականացուցած հարցման տուեալները, որոնք ներկայացուցած է ընդդիմադիր Turkish Minute թերթը:
«Էրտողանը յաղթելու առիթ չունի, ան ամէն ապրագայի կը պարտուի»,- ըսած է Օզքիրազը:
«Ժողովուրդի դաշինք»-ի (որ կազմուած է իշխող ԱԶԿ-էն եւ իր քաղաքական դաշնակից «Ազգայնական շարժում» կուսակցութենէն, եւ որ 2018-ի ընտրութիւններուն հաւաքած էր 53,6 ձայն) վարկանիշը զգալի անկում ապրած է: Էրտողանի կուսակցութիւնը Յունիսին պիտի հաւաքէր ընդամէնը 25 տոկոս ձայն, իսկ Տէվլեթ Պահչելիի կուսակցութիւնը՝ 6 տոկոս ձայն:
Գլխաւոր ընդդիմադիր Ժողովրդահանրապետական կուսակցութիւնը, «Լաւ» կուսակցութիւնը եւ պահպանողական «Երջանկութիւն» կուսակցութիւնը հարցման արդիւնքներով պիտի ստանային 22,9%, 12,8% եւ 1,2% համապատասխանաբար:
Մէկ այլ ընդդիմադիր՝ քրտամէտ Ժողովրդադեմոկրատական կուսակցութիւնը պիտի հաւաքէր 9,4% ձայն:
Հարցումը ցոյց տուած է նաեւ, որ Էրտողանը պարտութիւն պիտի կրէր իր հաւանական մրցակիցներէն իւրաքանչիւրէն, եթէ նախագահական ընտրութիւնները կայանային անցեալ ամիս: Հաւանական մրցակիցներու շարքին են Մերալ Աքշեները, Քեմալ Քըլըչտարօղլուն, Իսթանպուլի քաղաքապետ Էքրեմ Իմամօղլուն: