image

Իրանցի կրօնաւորը կը խոստանայ թիրախաւորել ԱՄՆ եւ Իսրայէլ

Իրանցի կրօնաւորը կը խոստանայ թիրախաւորել ԱՄՆ եւ Իսրայէլ

Թեհրանի մզկիթներէն մէկուն մէջ Ատհա տօնին առթիւ կայացած տօնական աղօթքէն ետք հաւատացեալներուն քարոզած պահուն իրանցի կրօնաւոր Ահմատ Խաթիմի յայտնած է, որ իրանցի բարձրաստիճան պաշտօնեաներու հետ բանակցութիւններ սկսելու ԱՄՆ-ի առաջարկն անընդունելի է, որովհետեւ վերջինս նպատակ ունի ճնշման ենթարկել Իրանը, տարածաշրջանի մէջ իր վայելած հզօրութենէն, ինչպէս նաեւ հրթիռային համակարգէն հրաժարելու համար:  Այս մասին կը յայտնէ «Ռոյթըրզ» լրատուական գործակալութիւնը:

Խաթիմի կարծիք յայտնած է, որ, երբ ԱՄՆ իր ցանկութիւնը կը պարտադրէ, այդ մէկը բանակցութիւն չի կոչուիր, այլ բռնատիրութիւն կը համարուի:

Խաթիմի միաժամանակ շեշտած է, որ ԱՄՆ կը գիտակցի Իրանի դէմ պատերազմ յայտարարելու վտանգները, որովհետեւ վերջինիս հասցուած նուազագոյն վնասի պարագային Իրան պիտի թիրախաւորէ ԱՄՆ-ն ու տարածաշրջանի մէջ անոր գլխաւոր դաշնակիցը` Իսրայէլը: