Թեհրանի մզկիթներէն մէկուն մէջ Ատհա տօնին առթիւ կայացած տօնական աղօթքէն ետք հաւատացեալներուն քարոզած պահուն իրանցի կրօնաւոր Ահմատ Խաթիմի յայտնած է, որ իրանցի բարձրաստիճան պաշտօնեաներու հետ բանակցութիւններ սկսելու ԱՄՆ-ի առաջարկն անընդունելի է, որովհետեւ վերջինս նպատակ ունի ճնշման ենթարկել Իրանը, տարածաշրջանի մէջ իր վայելած հզօրութենէն, ինչպէս նաեւ հրթիռային համակարգէն հրաժարելու համար: Այս մասին կը յայտնէ «Ռոյթըրզ» լրատուական գործակալութիւնը:
Խաթիմի կարծիք յայտնած է, որ, երբ ԱՄՆ իր ցանկութիւնը կը պարտադրէ, այդ մէկը բանակցութիւն չի կոչուիր, այլ բռնատիրութիւն կը համարուի:
Խաթիմի միաժամանակ շեշտած է, որ ԱՄՆ կը գիտակցի Իրանի դէմ պատերազմ յայտարարելու վտանգները, որովհետեւ վերջինիս հասցուած նուազագոյն վնասի պարագային Իրան պիտի թիրախաւորէ ԱՄՆ-ն ու տարածաշրջանի մէջ անոր գլխաւոր դաշնակիցը` Իսրայէլը: