«Ալ Ախպար» թերթը յայտնած է, որ Լիբանանի իրաւասու մարմիններուն ձեռք բերած տեղեկութիւններուն համաձայն, Ռիատի մէջ գահաժառանգ Մուհամմատ Պըն Սալմանի գլխաւորութեամբ եւ շարք մը բարձրաստիճան պաշտօնեաներու ներկայութեամբ գաղտնի ժողով մը գումարուած է, որուն ընթացքին քննարկուած է վերջերս Սուրիոյ բանակի կողմէ ազատագրուած հարաւային շրջաններու քաղաքական ու ռազմական իրավիճակը, ինչպէս նաեւ Եմէն պատերազմի բացասական ազդեցութիւնը Սէուտական Արաբիոյ վրայ:
Ժողովի օրակարգն ընդգրկած է նաեւ արաբական եւ իսլամական աշխարհի մէջ Սէուտական Արաբիոյ վարկանիշը վերականգնելու եւ տարածաշրջանի մէջ Իրանի հետ ուժերու հաւասարակշռման ու վնասներու վերականգնման միջոցներու քննարկումը:
Աղբիւրին համաձայն, Պըն Սալմանի օգնականները առաջարկած են Եմէնի պատերազմը Լիբանան տեղափոխել:
Թերթը դիտել տուած է նաեւ, որ յիշեալ ժողովէն ետք Սէուտական Արաբիոյ լրատուական միջոցները յարձակման թիրախ դարձուցած են Լիբանանը, քննադատելով վերջինիս ներքին քաղաքականութիւնն ու քաղաքական ուժերու միջեւ առկայ անհամերաշխութիւնը: