«Այս տարի նախատեսւում էր Արցախից ներմուծել աւելի քան 300 միլիոն Ք.Ուաթ/ժամ շատ էժան էլեկտրաէներկիա (1 ք.Ուաթ/ժամի համար մօտ 25 դրամ)»: Այս մասին 2 յունիսին լրագրողներուն տուած հարցազրոյցի ընթացքին ըսած է Հայաստանի հանրային ծառայութիւնները կարգաւորող յանձնաժողովի նախագահ՝ Գարեգին Բաղրամեան:
Նշենք, որ Հրազդանի ՀԷԿ-ի 1 Ք.Ուաթ/ժ ելեկտրականութիւնը, օրինակ, կ'արժէ աւելի քան 30 դրամ:
Պաշտօնեան պարզաբանած է, որ եթէ նախապէս Հայաստանը Արցախէն ելեկտրականութիւն կը ներմուծէր, ապա այժմ լրիւ հակառակ է պատկերը:
«Արցախում էներկետիկ անվտանգութեան հետ կապուած խնդիրներ չկան: Նրանց համակարգը միացուած է Հայաստանի ելեկտրական էներկահամակարգին, որը թոյլ է տալիս այնտեղ ելեկտրականութիւն մատակարարել»,- նշեց ան:
Յիշեցնենք, որ 2020-ի աշնան Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի մէջ սանձազերծուած պատերազմի հետեւանքով տարածքներուն հետ միասին նաեւ բազմաթիւ ելեկտրակայաններ անցան թշնամիին: