Հայաստան- Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսացկութեան նահատակներու յիշատակը յաւերժացնող յատուկ յուշակոթող մը պիտի տեղադրուի Եռաբլուրի մէջ: Այս օրակարգով ՍԴՀԿ կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Յակոբ Տիգրանեան այսօր հանդիպում ունեցած է ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանին հետ: Հանդիպման ներկայ եղած են նաեւ ՍԴՀԿ Հայաստանի մարմնի ներկայացուցիչներ եւ պաշտպանութեան նախարարի առաջին տեղակալ Դաւիթ Տոնոյեան:Նախարար Օհանեան այս առթիւ իր պատրաստակամութիւնը յայտնած է Եռաբլուրի մէջ կառուցուելիք յուշակոթողին համար հողաշերտի մը տրամադրման առընթեր: