image

Հնչակեան Նահատակներու Նուիրուած Յուշակոթող Եռաբլուրի Մէջ

Հնչակեան  Նահատակներու Նուիրուած   Յուշակոթող Եռաբլուրի Մէջ

 Հայաստան-   Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան   Կուսացկութեան    նահատակներու  յիշատակը  յաւերժացնող  յատուկ յուշակոթող մը պիտի  տեղադրուի Եռաբլուրի  մէջ: Այս  օրակարգով     ՍԴՀԿ    կեդրոնական վարչութեան  ատենապետ  Յակոբ  Տիգրանեան  այսօր հանդիպում  ունեցած է ՀՀ պաշտպանութեան նախարար   Սէյրան Օհանեանին հետ: Հանդիպման ներկայ  եղած են նաեւ ՍԴՀԿ Հայաստանի մարմնի ներկայացուցիչներ եւ   պաշտպանութեան նախարարի առաջին տեղակալ Դաւիթ  Տոնոյեան:Նախարար Օհանեան     այս  առթիւ իր պատրաստակամութիւնը յայտնած է Եռաբլուրի մէջ        կառուցուելիք  յուշակոթողին  համար  հողաշերտի  մը տրամադրման  առընթեր: