Դու իմ լոյսն ես, կեանքիս շունչը ,
կենացդ անմար...
Ապրի՛ր բարով, հազար դարով մեծաշուք հայրիկ...»
Այս բառերուն հեղինակը մեր հերոս նահատակներէն՝ Գէորգ Հաճեանի որդին է՝ Թաթուլ Հաճեանը, իսկ երգը ներկայացուեցաւ ուրբաթ օր տեղի ունեցած միջոցառման մը ընթացքին, ուր ներկաները, ոչ միայն ոգեկոչեցին, այլ նաեւ նշեցին անմահանուն հերոսին 50-րդ տարեդարձը։
Եղան շատ փայլուն ելոյթներ, հնչեցին արուեստի շունչով տոգորուած խօսք ու երաժշտութիւն,կարդացուեցան սրտի խօսքեր, սակայն ամենաուշագրաւը Թաթուլի խօսքն էր, որ կարողացած էր իր հօր կերպարին ընդմէջէն խօսք ըսել ու երգ գրել յանուն բոլոր հայրերուն։
Թաթուլ Հաճեան (հօր նման երաժշտութեան, եւ հայ մշակոյթի նուիրեալ) մանկութեան օրերէն իր մտքին միշտ ալ եղած է հայրերու համար իւրայատուկ երգ մը գրել. կեանքի ընթացքը եղած է այնքան արագ ու անսպասելի, որ այսօր անոր շուրթերէն թռչող երգը կը դառնայ երգ բոլոր այն հայրերուն, որոնք իրենց արիւնը տուին յանուն սրբազան հողի ու սուրբ հայրենիքի։
Սերունդները, դեռ երկար պիտի գրեն, խօսին ու ապրին մեր հերոսներով, որոնցմէ իւրաքանչիւրը տան ճրագ ըլլալէն բացի զինուոր է երկրի եւ զինուոր՝ մշակոյթի։
Գէորգ Հաճեանը, մէկն է անոնցմէ, որուն յիշատակը ոգեկոչեցինք օրերս, ու կան հարիւրներ, որոնց յուշը, խօսքն ու նուիրումը, դեռ երկար պիտի ապրին մեր սրտերուն, գաղափարներուն ու մեր մէջ։
Նշենք, որ երգի բառերուն ու երաժշտութեան հեղինակն է՝ Թաթուլ Հաճեանը, իսկ դաշնակի վրայ անոր նուագակցած է տաղանդաւոր երաժիշտ Մատադ Աւաննէսով։