image
Հրատապ լուրեր:

Հայր Մաշտոց վրդ. Զահթերեանը կոչուած է նոր ծառայութեան

Հայր  Մաշտոց  վրդ. Զահթերեանը    կոչուած է նոր ծառայութեան

 Աւելի քան  երկու տարի  Կիւմրիի մէջ, որպէս փոխ  ժողովրդապետ ծառայելէ ետք       Հայր Մաշտոց    վրդ.  Զահթերեանը  կոչուած է նոր ծառայութեան։

 

 Այս մասին  «Արեւելք»  տեղեկութիւն ստացաւ  Հայաստանի Հայ  Կաթողիկէ  համայնքին մօտիկ կանգնող աղբիւրէ մը։ Մեր    տուեալներով   Հայր Մաշտոց վարդապետը  պիտի  ստանձնէ  հայ  կաթողիկէներու նորաշէն   դպրեվանքի     գլխաւոր տեսուչի   պաշտօն։

  Յիշեցնենք,  որ  Քեսապցի   արմատներոէ վարդապետը    իր վարդապետական  աստիճանը  ստացած էր  Կիւմրիի մէջ   բարձր   տնօրինութեամբ  եւ օրհնութեամբ      Կաթողիկէ Հայոց   Հայաստանի, Վրաստանի, Ռուսաստանի եւ Արեւելեան     Եւրոպայի   Առաջնորդ .  Արհի.  Տ.   Ռաֆայէլ    արք.   Մինասեանին։

 

 «Արեւելք»  այս առթիւ  յաջողութիւն կը մաղթէ    նոր   պաշտօն ստանձնած       վարդապետին   մաղթելով   անոր      յաջողութիւն   իր ազգանուէր  եւ  եկեղեցանուէր      առաքելութեան  մէջ։