6 Ամիս առաջ ինքնաշարժի ծանր արկածի ենթարկուելէ ետք վրացահայ հոգեւոր դասի անդամ՝ Տ. Կիրակոս քհնյ. Սիմոնեան վերադարձած է ծառայութեան:
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Թիֆլիսի իր աղբիւրէն։
Կը նշուի, որ 1990 թուականի ծնունդ Տէր Հայրը արկածի ենթարկուած էր Թիֆլիս- Ախալցխա ճամբուն վրայ, որմէ ետք ալ որոշ ժամանակ մը մնացած էր մահաքունի մէջ։
Օրերս ամբողջովին ապաքինուէլէ ետք Տէր Հայրը վերադարձած է իր ծառայութեան եւ ան պիտի ծառայէ Թիֆլիսի Սուրբ Էջմիածին Եկեղեցւոյ մէջ։
Լիարժէք առողջութիւն եւ բարի ծառայութիւն կը մաղթենք Տէր Հօր։