image
Հրատապ լուրեր:

Երեւանի մէջ սպաննուած գտնուած է Ռուսաստանի գաղտնի ծառայութեան աշխատակիցի դուստրը

Երեւանի մէջ  սպաննուած գտնուած է Ռուսաստանի գաղտնի ծառայութեան աշխատակիցի դուստրը

 

Ողբերգական դէպք տեղի ունեցած է Երեւանի մէջ: Այս մասին յայտնած է SHAMSHYAN.com-ը:

 

Ժամը 17:40-ի սահմաններուն, ոստիկանութեան Քանաքեռ-Զէյթունի բաժին ահազանգ ստացուած է, որ Դաւիթ Անյաղթ փողոցի շէնքերէն մէկուն պատշգամբին մէջ կնոջ դի կայ:

Դեպքի վայր  ժամանած ոստիկաններն ու քննիչները պատշգամբին մէջ յայտնաբարած են 40 տարեկան կնոջ դի, դիակի կողքին ալ յայտնաբերուած է ատրճանակ:

Ֆոթոլրագրողի տեղեկութիւններով, մահացածը Ժ.Հ.-ն էր, որուն հայրը Ռուսաստանի Դաշնութեան Անվտանգութեան դաշնային ծառայութեան զօրավար-լեյտենանտ է:

Ատրճանակը, որ յայտնաբերուած է, որպէս պարգեւատրում, տրուած է անոր հօրը:   Տեղի ունեցածը ինքնասպանութիւն է, դժբախտ պատահար, թէ՝ սպանութիւն, պարզ պիտի դառնայ շարք մը փորձաքննութիւններ կատարելէ ետք: