«Հայաստան Արցախ» հիմնադրամը ապրիլ-մայիս ամսուն 5 միլիոն տոլարի մարդասիրական օգնութիւն հաւաքագրած է: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Հայաստան Արցախ» հիմնադրամի յանձնաժողովը:
Հիմնադրամի նախագահ Յարութ Սասունեան տեղեկացուցած է, որ ապրիլին եւ մայիսին «Հայաստան-Արցախ» հիմնադրամի տեղ հասցուցած օժանդակութիւնը կը ներառէ անհրաժեշտ դեղորայք` քաղցկեղի, սրտի, աղիքային եւ մտաւոր հիւանդութիւններու բուժման համար, ինչպէս նաեւ դեղեր եւ բժշկական պարագաներ` պատերազմի պատճառով ստացուած վէրքերու բուժման համար:
2015 թուականէն «Հայաստան-Արցախ» հիմնադրամը 14,1 միլիոն տոլարի մարդասիրական օժանդակութիւն հաւաքագրած է Հայաստանի ու Արցախի բնակչութեան համար: «Հիմնադրամին կանոնաւոր կերպով կ՛առաջարկուին միլիոնաւոր տոլար արժողութեամբ կեանք փրկող դեղեր եւ բժշկական պարագաներ` Հայաստանին ու Արցախին օժանդակելու համար: Կը քաջալերենք հայ անհատներն ու կազմակերպութիւններն իրենց առատաձեռնութեան համար, որպէսզի կարենանք շարունակել մեր առաքելութիւնը` անյետաձգելի նպաստ տրամադրելով Հայաստանի ու Արցախի բոլոր բժշկական կեդրոններուն»,-ըսած է Յարութ Սասունեան: