image

«Հայ Դատի յանձնախումբ»ը առաջարակած է թուրք դեսպանի նստավայրի փողոցը անուանակոչել հայասէր դեսպան Հէնրի Մորկէնթաուի անունով

«Հայ Դատի յանձնախումբ»ը առաջարակած է թուրք դեսպանի նստավայրի փողոցը անուանակոչել հայասէր դեսպան Հէնրի Մորկէնթաուի անունով

 Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գրասենեակը (ANCA)  իր պաշտօնական ֆէյսպուքեան էջին գրառում ըրած է՝ առաջարկելով մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մօտ Թուրքիոյ դեսպանի պաշտօնական նստավայրի փողոցը, ուր Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանի թիկնապահները դաժանաբար ծեծած էին խաղաղ ցուցարարները, այդ շարքին՝ հայեր,  վերանուանել յայտնի իրաւապաշտպան, Օսմանեան կայսրութեան մօտ Միացեալ Նահանգներու վերջին դեսպան ու Հայոց Ցեղասպանութեան ականատես Հենրի Մորկընթաուի անունով:

Յիշեցնենք, որ 16 մայիս 2017-ին, Էրտողանի թիկնազօրի անդամները դաժան ծեծի ենթարկած էին Ուաշինկթընի մէջ թրքական դեսպանատան մօտ խաղաղ ցոյց իրականացնող հայ, ամերիկացի եւ քիւրտ քաղաքացիներ: Անոնցմէ ոմանք գլխուղեղի ցնցում, ատամի կոտրուածք եւ այլ վնասուածքներ ստացած էին: