image

«Հանրապետութիւն», «Քաղաքացիական պայմանագիր» եւ «Ժառանգութիւն» պիտի միաւորուին

«Հանրապետութիւն», «Քաղաքացիական պայմանագիր» եւ «Ժառանգութիւն» պիտի միաւորուին

Ըստ Երեւանի «Ժամանակ» օրաթերթին, «2017 թուականի 2 ապրիլին կայանալիք խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընդառաջ՝ ընդդիմադիր քաղաքական դաշտը դաշինքներ  կազմելու աշխոյժ քննարկումներու մէջ է»։ «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնը դէմ է կարճաժամկէտ դաշինքներուն, ան կարեւոր կը համարէ յետագային մէկ ընդդիմութիւն դառնալու գաղափարը։ «Հանրապետութիւն» կուսակցութեան առաջնորդ Արամ Զ. Սարգսեանը, որ նաեւ ներկայ էր ՔՊ-ի արտահերթ համաժողովին, բազմիցս յայտարարած է, որ յառաջիկայ ընտրութիւններուն կը պատրաստուի մասնակցիլ դաշինքով եւ կը գործակցի այն ուժերուն հետ, որոնք դէմ են Եւրասիական տնտեսական միութեան։ Այս ուժերուն հնարաւոր է միանայ նաեւ Եւրաընկերայնացման ջատագով «Ժառանգութիւն»-ը։ «Ժառանգութիւն» կուսակցութեան փոխնախագահ Արմէն Մարտիրոսեանը հաստատած է, որ այժմ բանակցութիւններ կը տանին ընտրութիւններուն դաշինքով մասնակցելու համար, սակայն գործընթացին չվնասելու համար անուններ չի հրապարակէր։ Մարտիրոսեան ընդգծեց, որ վերջնական յայտարարի գալու համար կարեւոր է նաեւ կուսակցութիւններու արտաքին քաղաքական կողմնորոշումը՝ Հայաստանի ինքնիշխանութեան հարցը. «Մենք կողմնակից ենք, որ Հայաստանը բոլորի հետ նորմալ յարաբերութիւններ ունենայ եւ որեւէ պետութիւնից, այս դէպքում՝ Ռուսաստանից, վասալային կախուածութիւն չունենայ այն աստիճան, որ վարչապետի պաշտօնին «նամեստնիկ» ուղարկեն։ Հաւանաբար «Հանրապետութիւն»-«Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան միաւորման մասով որոշումը հանրութեանը յայտնի կը դառնայ մօտ օրերս»: