Գերմանիոյ իշխանութիւնները կը պահանջեն սուրիացի յայտնի զինուորական պատասխանատու Ժամիլ Հասանի արտայանձնումը: Այս մասին տեղեկութիւնը կը հաղորդէ «Der Spiegel» պարբերականը, նշելով, որ Գերմանիոյ գաղտնի սպասարկութեան ունեցած տեղեկութիւններուն հիման վրայ, սուրիացի զինուորականը վերջին շրջանին յաճախ Պէյրութ կ'այցելէ բուժման նպատակներով:
Կը նշուի նաեւ, որ, ըստ գերմանական աղբիւրներու, սուրիացի զօրավարի անունը կը համալրուի մարդկութեան դէմ ոճիր գործած անձնաց ցուցակին մէջ, սակայն այդ մասին յաւելեալ մանրամասնութիւններ չեն փոխանցուիր:
Յիշեցնենք, որ օրեր առաջ Պերլինի մէջ Գերմանիոյ ապահովական մարմիններ ձերբակալած էին երկու սուրիացիներ, որ աւելի ուշ պարզուեցաւ, որ անոնք կապ ունին Սուրիոյ ապահովական մարմիններուն հետ եւ կասկածելի գործունէութիւն կը ծաւալեն Պերլինի մէջ: