image

Գերմանիոյ իշխանութիւնները կը պահանջեն Զօր. Ժամիլ Հասանի արտայանձնումը. Արդեօ՞ք Պէյրութ պիտի ընդառաջէ

Գերմանիոյ իշխանութիւնները կը պահանջեն Զօր. Ժամիլ Հասանի արտայանձնումը. Արդեօ՞ք Պէյրութ պիտի ընդառաջէ

Գերմանիոյ իշխանութիւնները կը պահանջեն սուրիացի յայտնի զինուորական պատասխանատու Ժամիլ Հասանի արտայանձնումը: Այս մասին տեղեկութիւնը կը հաղորդէ «Der Spiegel» պարբերականը, նշելով, որ Գերմանիոյ գաղտնի սպասարկութեան ունեցած տեղեկութիւններուն հիման վրայ, սուրիացի զինուորականը վերջին շրջանին յաճախ Պէյրութ կ'այցելէ բուժման նպատակներով:

Կը նշուի նաեւ, որ, ըստ գերմանական աղբիւրներու, սուրիացի զօրավարի անունը կը  համալրուի մարդկութեան դէմ ոճիր գործած անձնաց ցուցակին մէջ, սակայն այդ մասին յաւելեալ մանրամասնութիւններ չեն փոխանցուիր:

Յիշեցնենք, որ օրեր առաջ Պերլինի մէջ Գերմանիոյ ապահովական մարմիններ ձերբակալած էին երկու սուրիացիներ, որ աւելի ուշ պարզուեցաւ, որ անոնք կապ ունին  Սուրիոյ ապահովական մարմիններուն հետ եւ կասկածելի գործունէութիւն կը ծաւալեն Պերլինի մէջ: